2015-12-28 11:22:00

Սուրիա` Հայր Տհիա Ազիզի վիճակը անյայտ է։ Գուցէ առեւանգուած ըլլայ։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 23 դեկտեմբերէն ի վեր, 41 ամեայ` Սուրիոյ Եաքուպիէի շրջանի ժողովրդապետ՝ Հայր Տհիյա Ազիզի վիճակը անյայտ  կը մնայ։ Ան վերջերս Թուրքիա  գացած էր ընտանիքը այցելելու համար ու Սուրիա վերադարձի ճանպարհին ընթացքին անոր հետքերը կորսուած են եւ կարելի չէ եղած անոր հետ կապ պահել։ 

Այս մասին հաղորդեց Սուրբ Երկրի պահակ` Հայր Փիցցապալլա յայտնելով, թէ հաւանական է որ հայր Տհիա պատանդ առնուած ըլլայ կարգ մը  ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ։

Նշենք, թէ Հայր Տհիյա. անցեալ յուլիս ամսոյն,  պատանդ առնուած  էր Իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներու կողմէ եւ վերջերս կարողացած էր փախչիլ իր բանտարկուած վայրէն։    








All the contents on this site are copyrighted ©.